2014-01-23 15:46:31

''Ժընեւ 2''` Գերապայծառ Թոմազի կը հաստատէ թէ '' երկխօսութիւնը պատերազմին միակ այլընտրանքն է'' ։


Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի` Մակի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը, որ այս օրերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Զուիզերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ, Սուրիոյ տագնապի լուծման շուրջ ''Ժընեւ2'' բանակցական համաժողովին, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, արտայայտուելով համաժողովի աշխատանքներուն մասին ընդգծեց թէ ''այս համաժողովով միջազգայաին հասարակութեան պատգամը եղաւ` գործնական լուծում գտնել Սուրիոյ հակամարտութեան'', Ան ապա յոյս յայտնեց որ յառաջիկայ երկու - երեք օրերուն, սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւններու միջեւ բանակցութիւնները, իրենց պտուղները տան։
Գերապածառ Թոմազի հաստատեց նաեւ թէ ''ժողովէն ի յայտ եկաւ թէ Սուրիոյ հակամարտութիւնը կարելի չէ ռազմավարական գետնի վրայ լուծել ու թէ պատերազմի այլընտրանքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ երկխօսութիւնը։
Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը մատնանշեց նաեւ Սուրիացի ընտանիքներուն կրած տառապանքին եւ եղբայրասպան պատերազմի պատճառած 130 հազար զոհերուն ու միլիոնաւոր գաղթականներուն եւ այս առընչութեամբ ''մարդասիրական օժանդակութիւններու'' Սուրիայ մուտքին անհրաժեշտութեան։
Գերապայծառ Թոմազի իր զրոյցի ընթացքին դրական նկատեց Ժընեւ 2 համաժողովի աշխատանքներու ընթացքը, յոյս յայտնելով որ յառաջիկայ օրերուն կայանալիք բանակցութիւնները կարենան սկիզբ հանդիսանալ սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատումին։ Ան ապա զրոյցը եզրափակեց յայտնելով թէ ''զօրակցութեան հոգին եւ մարդասիրական պարտականութիւնը բոլորս կը մղէ գործելու եւ ընթանալու դէպի խաղաղութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.